Ekranların en antimedyatik televizyon programı AntimedyaTV bu hafta Agos Gazetesine konuk oldu.. Rober Koptaş, Pakrat Estukyan ve Sarkis Seropyan gazeteyi ve Hrant’ı anlattı… (2014)
Erhan Arık ve Ender Yeşildağ’ın emekleriyle, 9 Nisan 2016’da, Anarad Hığutyun’daki anma için yapılan, bildiğiniz Sarkis Seropyan’ı yine iyi bildiğiniz çeşitli yönleriyle anlatan video.
Agos’un kurucularından Luiz Bakar, Anna Turay, Harutyun Şeşetyan, Sarkis Seropyan, Harut Özer ve Arus Yumul, 2013 yılında Ümit Kıvanç’ın moderatörlüğünde Agos’un nasıl kurulduğunu anlatmışlardı.

Hrant’ın Arkadaşları İnisiyatifi’nin 19 Ocak haftasında düzenlediği bir dizi etkinlikten biri olan söyleşi, Tophane’deki Tütün Deposu’nda gerçekleşmişti. Videonun tamamını 23,5 Hrant Dink Hafıza Mekanı’nda izleyebilirsiniz. Söyleşiye katılanlardan Sarkis Seropyan’ı 28 Mart 2015’te kaybettik.
Garine B. Seropyan – 31.01.2026

Haydi eski İstanbul’un eski taş sokaklarına, Surp Sarkis gecesinin tuzlu çörek kokusuna, Sarkis Seropyan’ın hafif muzip, hafif hüzünlü anlatılarına götüren bir hikayeye, kimbilir belki bir yaşanmışlığa belki de bir masala gidelim. Ve fakat ne yazık ki biz bu anlatının gerçek mi, efsane mi, hayal mi, rüya mı yoksa bir anı mı olduğunu artık kendisine soramayacağız.
Hazırsanız başlıyoruz.
Beyaz Atın Nalları: Surp Sarkis Gecesinin Uzun Hikâyesi
Sarkis Seropyan’ın, yani Baron’un anlattığı Surp Sarkis geceleri, bugünün İstanbul’unda pek bulunmayan bir şeydi.
Hani sokakların daha dar, insanların daha yakın olduğu zamanlar…
Komşunun kapısını çalmadan içeri girdiğin, kapı tokmağının bile seni tanıdığı günler.
O günlerde Surp Sarkis gecesi yaklaşınca mahallede bir telaş başlardı.
Genç kızlar tuzlu çörek hazırlamak için mutfağa kapanır, anneler “Kızım o kadar tuz koyma, sabaha kadar susuzluktan öleceksin” diye söylenir, kızlar da “Anne, rüyama gelmezse ne olacak?” diye karşılık verirdi.
Baron ise her zamanki gibi kahvesini yudumlar, piposunu tüttürür:
“Bizim zamanımızda çörekler o kadar tuzluydu ki, rüyana kimse gelmezse sabaha kadar dilin damağına yapışırdı” derdi.
Mahallede kimse onun bu abartılarına şaşırmazdı; çünkü herkes bilirdi ki Baron’un her hikâyesi biraz gerçek, biraz masaldı.

Beyaz Atın Gecesi
Baron’a göre Surp Sarkis, o gece beyaz atına biner, evlerin damlarından, sokak aralarından, hatta bazen insanların rüyalarından geçermiş.
Atın nalları öyle hafif vururmuş ki yere, sadece kalbi temiz olanlar duyarmış o sesi.
“Ben bir kere duydum,” derdi Baron,
“ama o zaman da sandım ki komşunun kedisi damda kavga ediyor.”
Mahallede herkes bu hikâyeye gülerdi.
Ama yine de gece yarısı bir kapı gıcırdasa, bir pencere hafifçe titrese, herkes birbirine bakar,
“Surp Sarkis geçti galiba” diye fısıldardı.
Rüyaların Hesabı
Sabah olduğunda mahallede bir sorgu odası kurulurdu adeta.
Genç kızlar birbirine yaklaşır,
“Sen kimi gördün?”
“Su içmeden dayanabildin mi?”
“Çörek çok mu tuzluydu?”
diye sorular yağardı.
Bir keresinde Mariam, rüyasında komşunun eşeğini görmüş.
Bütün mahalle kahkahaya boğulmuştu.
Baron Seropyan da gülmekten gözünden yaş gelerek,
“Demek ki Surp Sarkis’in atı o gece izinliymiş, yerine eşeği göndermiş” demişti.
Mahallenin Sessiz Mucizesi
Ama işin en güzel yanı şuydu:
Surp Sarkis gecesi, herkesin kalbini biraz yumuşatırdı.
Küsler barışır, komşular birbirine çörek götürür, çocuklar kapı kapı dolaşıp hikâyeler toplardı.
Tam da Baron’un dediği gibi:
“Surp Sarkis’in mucizesi rüyada değil, insanın kendi kalbini duymasındadır. Beyaz at sadece hatırlatır.”
Ve Sonunda…
Gün biter, çörekler yenir, rüyalar anlatılır, ama Surp Sarkis’in beyaz atının sesi, mahallenin hafızasında hep kalırdı.
Sarkis Usta her yıl aynı yerde, aynı pipoyla oturur, camdan dışarıya doğru bakar ve şöyle derdi:
“Beyaz at hâlâ geçiyor buralardan. Ama artık kimse dinlemiyor. Sen kulak verirsen, belki bu gece duyarsın.”

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
lusyenkopar81@hotmail.com
Երթամ շրջիմ երազներու աշխարհ, նստիմ քարքարոտ լերան գագաթը։ Ափ մը հող առնելով գետնէն խօսիմ քեզ հետ, փսփսամ կարօտս, լամ, լամ ու լամ…։
Անձայն անշշուկ մարդ չիմանայ զիս։
-Պարոն ե՞րբ պիտի գամ քեզ հետ։
-Դեռ տակաւին ժամանակ կայ։
-Պարոն, այս անգամ Լորային տեղը ես գամ։
-Ո՛չ։
-Պարոն մէկը կայ ինծի հետ Անի եկուր կ՚ըսէ, երթա՞մ։
-Ո՞վ է ան։ Քեզի Տէրհայրին կ՚ըսեմ։ Նստէ տունդ։ Այնքան ուզէ եթէ ես կը տանիմ։
-Պարոն կին մը կայ, «եկուր միասին շրջինք Անատոլու» կ՚ըսէ, երթամ։
-Անատոլու չես տեսած, որո՞ւն պիտի տանիս։ Մէյ մըն ալ երկու կին պիտի շրջի՞ք։ Նստէ, նստէ… դեռ ժամանակը չէ։ Նստէ՛ երախաներդ պահէ, ես պիտի տանիմ քեզ։
Ո՞ւր ես պարոն։ Պարոն՝ կարօտած եմ, ձայն մը… Փարոս որոնող նաւակի մը նման եմ հիմա։ Ճամպրուկս պատրաստ է, բայց ճամբայ չունիմ։ Երթալէն ալ հրաժարեցայ։ Ահա այս էր ներաշխարհս, երբ քիչ մըն ալ կարօտս փառատելու համար դիմեցի իմ սիրելի խմբագրապետ Սարգիս Սերովբեանի որդւոյն՝ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի, իր հօր մասին զրուցելու խնդրանքով։ Ներքեւ կը ներկայացնեմ իմ հար ցումները եւ Վաղարշակ Սերովբեանի պատասխանները։
Լուսյէն Քոփար- Գիտենք որ առաջին իսկ օրէն «Ակօս» եւ Պարոն Սերովբան միասին կը յիշուին։ Երբ եւ ինչպէ՞ս սկսաւ այս պատմութիւնը։
Վաղարշակ Սերովբեան- Մարդ արարածի կեանքը շրջան շրջան բաներու հետ կ՚առընչուին։ Այս մասին բացառութիւն մը չէր հայրս։ Հակառակ իր 65 գարուններուն, այնպէս եղաւ նաեւ հօրս՝ Սարգիս Սերովբեանի, կամ «Ակօս»ի ծանօթ տիտղոսով «Պարոն Սերովբեան»ի պարագային։ Ինչպէս ան ցեալ օր ձայնասփիւռի յայտագիրի ընթացքին Եդուարդ Տանձիկեանին կը պատմէի, երբ հայրս ձանձրացած էր իր տա րիներու գործէն՝ սառնարանի շինութենէն կամ նորոգութենէն եւ ինք զինք տակաւ հանգստեան կը կոչէր եւ համայնքի ոչ-հայախօս անդամներուն համար աւելի զգալի կը դառնար թրքերէն-հայերէն թերթի մը հրատարակութիւնը, Հրանտ Տինք օր մը կուգար իրեն առաջարկելու. «Այսպէս ծրագիր մը ունիմ։ Ի՞նչ կ՚ըսես»։ Կարճ եւ կտրուկ էր պատասխանը. «Սիրո՛վ»։ 1995-ին էր, որ սկսաւ երկու հին բարեկամներու արկածախնդրութիւն-գործակցութիւնը։ Այսպէս հիմնեցին «Ակօս»ը։ Եւ շարունակուեցաւ մինչեւ երկուքին ալ յաւիտենական հանգիստը։
Լ.Ք.- Կը յիշէ՞ք առաջին օրերը։ Քանի՞ հոգի կ՚աշխատէին։
Վ.Ս.- Կը յիշեմ։ Սիրողական ոգիով, սակայն յամառ խենդութեամբ սկսած գործէր։ Անձի թիւի մասին չեմ կրնար բան մը ըսել, սակայն բառին բուն առումով ոգիի բռին կ՚աշխատէին թէ՛ իրենք եւ թէ տակաւ իրենց շուրջի մի խմբուող միւս խենդերը։
Լ.Ք.- Թերթիս տպագրութեան օրերը բաւականին ուշ ժամեր կ՚աշխատէինք։ Դուք ի՞նչ կրնաք ըսել այս մա սին։
Վ.Ս.- Ո՞ւշ ժամեր։ Ո՛չ, կը սխալիք, անոնք կանուխ ժամեր էին։ Գրեթէ մինչեւ առաւօտ։ Մէկ մէկ օգնութեան կը կանչէին։ Սիրողական, սակայն այդ սիրողական ոգիին իր հետ բերած սիրով լեցուն աշ խա տան քի ժա մեր էին անոնք։ Խումբ մը խենդ եւ, ինչպէս ըսի, կամաց կամաց իրենց շուրջ համախմբուողնոր խենդեր… Շատ հետաքրքրական երեւոյթ էր։ Եւ ինչպէս ամէն ստեղծագործ աշխատանք, մեծագոյն մխիթարութիւնն ու ուրախութիւնն էր նոր թիւի հրատարակութիւնը։ Այսպէս սկսաւ ու շարունակուեցաւ «Ակօս»ը։ Աշխատողներէն իւրաքանչիւրը թերթի կեանքին իր կեանքէն բաներ մը տալով։
Լ.Ք.- Ինք բազմաթիւ անգամ այցելած էր Անատոլու, յատկապէս արեւելեան նահանգներ։ Դուք իրեն հետ շրջեցա՞ք։
Վ.Ս.- Սարգիս Սերովբեան իր ութսունամեայ կեանքին ընթացքին ունեցաւ զանազան աշխատանքներ, գործունէութիւններ եւ ծառայութիւններ։ Սակայն կարծես ասոնցմէ ամենակարեւորը կամ ամենաուշագրաւը դարձան իր կազմակերպած-կատարած շրջապտոյտները։ Ան նախ 4-5 հոգինոց փոքր խումբով մը սկսաւ։ Հանգուցեալ Պերճ Գամբարոսեանն ու տիկինը, ինք եւ տիկինը եւ ես։ Անձնական ինքնաշարժով, դէպի Թուրքիոյ զանազան կողմերը կատարուած պտոյտներ էին անոնք։ Այս փոքր խումբը ապագային մեծցաւ, անգամ մը անցաւ քառասուն ուղեւորի սահմանը։ Հոգ չէ թէ փոքրաթիւ կամ մեծաթիւ, սակայն միշտ երկար նախապատրաստական աշխատանքի արդիւնքներ էին իր շրջապտոյտները։ Կարծես ամէն մէկը նոր ուխտագնա ցութիւն մը։ Եւ շատ հաճելի պտոյտներ էին։ Հանգստաւէտութենէ հեռու, սիրողական ոգիով ու ոգեւոր պտոյտներ։ 1970-ական թուականներէն մինչեւ իր հիւանդութիւնը ան շարունակեց պտոյտներ կազմակերպել ու շրջիլ։ Յատկապէս վերջին տարիներուն Հայճար խումբի հետ։ Ինք Իսթանպուլ ծնած ըլլալով հանդերձ, ուր որ երթար, ինքզինք հարազատ ու տանտէր կը զգար, որպէս այնտեղացի մը։ Ծագումով Սեբաստացի էր, սակայն մէկ մէկ կ՚ըլլար Վանեցի, երբեմն Մշեցի եւ այլն։ Հակառակ տեղացի ժողովուրդին իսկ ազդարարութիւններուն, ամրան կիզիչ արեւուն տակ, մէկ օրուան ընթացքին Կիլիկիոյ շրջանի երկու անառիկ բերդերը մագլցելու քաջութիւնն ու կորովը ունէր։ Հոգ չէ թէ վերջաւորութեան շատ պիտի յոգնէր։
Լ.Ք.- Այս այցելութիւններէն զինք յուզած պատմութիւններ կա՞ն։
Վ.Ս.- Մէն մի շրջապտոյտ իրեն համար նոր պատմութիւն էր։ Ամենափոքրաթիւէն մինչեւ ամենաբազմանդամը իւրաքանչիւր պտոյտ կարեւոր էր իրեն համար։ Եւ իւրաքանչիւրը նոր հորիզոններու բացման համար առիթներ էին։ Գաւառի չես գիտեր որ գիւղին մէջ հանդիպած հայ պապիկը կամ մամիկը, կոտրած խաչքարը կամ այլ բեկոր իրեն համար շատ մեծ կարեւորութիւն ունէին եւ ամէն յիշատակէաւելի թանկագին էին։ Արդէն իր յուշագրութիւններուն առաջին պատճառն ալ այս այցելութեանց տպաւորութիւնները գրի առնելն էր, իւրայատուկոճով։
Լ.Ք.- Իր հրատարակուած գրքերուն ծագումը մեզի քիչ մը կրնա՞ք պատմել։
Վ.Ս.- Ինք ո՛չ գիրք գրելու մարմաջը ունէր եւ ոչ ալ գրչիմարդ ըլլալու։ Միայն կը ջանար հասնիլ շուրջիններուն, գիրի կամ խօսքի միջոցով։ Բաներ մը փոխանցել անոնց։ Խապրիկ մը բերել հեռաւոր այն վայրերէն։ Գրող ըլլալը հոգն անգամ չէր։ Իր ցիր ու ցան գրութիւնները երբ օր մը հատորի կամ հատորներու վերածուին, հաւանաբար բաւական արտադրած հեղինակ մը պիտի ըլ լայ Պարոն Սերովբեանը։ Սակայն ինք նախընտրեց թերթերու կամ պարբերականներու համեստ գրութիւններուն միջոցաւ հասնիլ ընթերցողին։ «Սուրբ Փրկիչ» եւ «Քուլիս» հանդէսներու, «Ժամանակ» եւ «Մարմարա» օրաթերթերու էջերուն վրայ կարելի է հանդիպիլ իր գրութիւններուն։ Եւ հուսկ՝ երբ «Ակօս»ը հիմնեցին, իր բոլոր ուժերը կեդրոնացուց այնտեղին։ Ոչ միայն գրեց, այլեւ թարգմանեց։ Հայերէնով սկսող իր գրելու աշխատանքը շարունակեց նաեւ թարգմանելով։ Կարծեմ իր առաջին լուրջ թարգմանու թեան աշխատանքը կատարեց ծածկանունով։ Իր շատ սիրելի հանգուցեալ մօրեղբօր՝ Պաղտիկ Աւետիսեանի անունը որպէս ծածկանուն գործածելով թարգմանեց հանգուցեալ ակադէմիկոս Լեւոն Խաչիկեանի «Հէմշին կիզէմի» (Համշէնի գաղտնիքը) ընդարձակ յօդուածը («Էջեր համշինահայ պատմութիւնից»), որուն նիւթն էր Հէմշինի ու Հէմշինցիներու պատմութիւնը։ Եւ իր վերջին աշխատասիրու թիւնն ալ եղաւ սիրային պատմուածքներու թարգմանութիւն մը՝ «Աշըք ու Մաշուք»։ Ցաւօք այս գեղեցիկ հատորի հրատարակութիւնը ինք չտեսաւ։ Թարգմանեց նաեւ այլ գիրքեր, ինչպէս Գեղամ Քերովբեանի Հայոց աւանդական պատմութիւնը, Համաստեղէ, Ռաֆայէլ Իշխանեանէ, Արտակ Մովսիսեանէ գիրքեր եւ այլն։ Ինք գրեց։ Նախաքրիստոնէական շրջանի մեր պատմութիւնն ու առասպելները զինք ոգեւորող նիւթերն էին։ Եւ այդպէս լոյս աշխարհ եկաւ «Ճանկիւլիւմ, Անահիտ վէ քազպէն»։ Հակառակ, որ իր մասնագիտութիւնը չէր, թէ՛ թարգմանական եւ թէ իր գրածներու սպառու մը կամ վերհրատարակութիւնը փաստեր են, որ իր նիւթով ու հաղորդականութեամբ կարողացաւ իր փափաքած տեղը հասնիլ։ Կեանքի վերջին տարիներուն, «Առասպելակոծ» անունով, «Փոքրիկ» մանկական կայքէջին հետեւող մանուկներու համար պատմեց հայկական առասպելները։
Լ.Ք.- Շատ փափաքած, բայց չիրականացած երազ մը ունէ՞ր արդեօք։
Վ.Ս.- Ինչպէս ամէն մարդ, Սարգիս Սերովբեան եւս ունէր երազներ։ Ոմանք յա ջողեցաւ իրականացնել, իսկ ոմանք՝ ոչ։ Երազներէն մէկն էր ուխտի երթալ Վան, Ս. Բարթողոմէոս Առաքեալի Վանքը։ Անգամ մը եւս այցելել այնտեղ։ Սակայն չբաւականանալ։ Շարունակել ուխտագնացութիւնը։ Երթալ դէպի արեւելք։ Եւ ուխտ կատարել նաեւ Հայոց առաջին միւս լուսաւորչին՝ Ս.Թադէոս Առաքեալի Վանքի սեմին։ Իր այնքան սիրած Խրիմեան Հայրիկի նման կատարել ուխտ Թադէի Վանքի մէջ։ Այնքան ոգեւորուած էր այս ճամբորդութեամբ։ Քա նի քանի անգամներ խօսեցաւ Թեհրանի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արքեպիսկոպոսի եւ Ատրպատականի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրի գոր Եպիսկոպոսի հետ։ Սակայն այդ ուխտը չի կարողացաւ կատարել։ Իր եւ իմ բազմաթիւ գիրքերու հաւաքածոն կանոնաւոր ու դասաւորուած տեսնել այդ երազներէն էր կարծես։ Սակայն այդ մէկը չեղաւ։ Տան գիրքերը ունէին իւրայատուկ մէկ տեղու միսիս թէմ մը, սակայն ոչ շատ կանոնաւոր։ Եւ ինք միշտ չի կարողանալով ոտք յարմարցնել այդ «սիսթէմ»ին, կը նեղանար։ Իրեն համար կարեւոր էր նաեւ ունենալ համայնքի տրամադ րութեան տակ հանրային գրադարան մը։ Իր տարիքին բերմամբ, համացանց գործածելու ուշ սկսաւ։ Սակայն, հակառակ իր ապրած եօթանասուն եւ աւելի գարուններուն, կրցաւ անոր ոտք յարմարցնել, անոր բարիքները վայելել։ Այս առումով, կարելի է ըսել, որ աւելի սահմանափակ պայմաններով, ինք յաջողեցաւ տեղ մը հասնիլ: Սարգիս Սերովբեանի մասին շատ բան կարելի է ըսել։ Ինք համեստ պայմաններու մէջ մեծցած, ինքնուսան հատ մը եղաւ, երբեք չունե նալով տիտղոսներու կամ ածականներու մարմաջը։ Պարզ մարդ մըն էր եւ իր այu պարզութեամբ, իւրայատուկ ոճով եկաւ ու անցաւ։ Սակայն կարեւորը իր պատիւովը անցաւ ու լաւ յիշատակներ թողելով անցաւ։ Շատ կարճ խօսքով, այսպիսի մէկն էր Սարգիս Սերովբեանը։
Լ.Ք.- Հազար շնորհակալութիւն։
Վ.Ս.- Խնդրեմ, ե՛ս շնորհակալ եմ։


Son Yorumlar